Համազգային Շուէտ

Համազգային Շուէտի Վարչութիւնը սկսած է գործել 2014-ին՝ Շուէտի Ուփսալա քաղաքին մէջ։

2015-էն իր գործունէութիւնը ընդլայնած է Սոտերթէլիոյ քաղաքին մէջ եւ արդէն իսկ 2019-էն ի վեր կը գործէ Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ։

Համազգային Շուէտի հիմնական գործունէութիւնը պարային է, ունի երեք պարախումբեր։

Առաջին պարախումբը «Ատանա»ն հիմնուած է Ուփսալա քաղաքին մէջ, երկրորդը՝ «Ալիք», Սոտերթէլիոյ քաղաթին մէջ, իսկ երրորդ պարախումբը՝ «Զարթօնք», Սթոքհոլմ քաղաքին մէջ։

Ներկայիս աշխուժօրէն կը գործեն «Ալիք» եւ «Զարթօնք» պարախումբերը Սոտերթէլիոյ եւ Սթոքհոլմ քաղաքներուն մէջ։

Համազգայինի ամենամեծ պարախումբը՝ «Ալիք» պարախումբը կը գործէ Սոտերթէլիոյ քաղաքին մէջ: Նոյն շրջանին մէջ տեղի կ’ունենան նաեւ Հայոց լեզուի դասընթացքներ՝ փոքրիկներու համար, ուր տեղակայուած է Համազգայինի վարչութիւնը։

Համազգային Շուէտի հիմնական ծրագիրներէն մէկն է պարի տարեկան ելոյթը, ինչպէս նաեւ՝ համագործակցիլ Շուէտի այլ կազմակերպութիւններու հետ,  ներկայացնելու համար Հայկական մշակոյթը Հայ պարի միջոցով։