Կիպրոսի մէջ Համազգայինի նոր շրջանի գործունէութիւնը սկսած է 1999-ին, երբ խումբ մը հաւատաւոր համազգայնականներու կողմէ հիմնուած է Նիկոսիայի «Օշական» Մասնաճիւղը։
Շուրջ 20 հոգիով սկսած մասնաճիւղը շուտով ծաւալած է իր գործունէութիւնը, բազմացնելով անդամներու թիւը, հիմնելով պարախումբ, թատերախումբ եւ մշակութային երեկոներով վերաշխոյժացնելով հայ մշակութին հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը։ Ներկայիս անդամներու թիւը 95 է։
Պարարուեստի գծով, 1999-ին Նիկոսիայի մէջ կազմուած է «Սիփան» Պարախումբը, որ 2000-ի Մայիսէն սկսեալ իր տարեկան ելոյթներով կ՛արժանանայ հայ թէ տեղացի շրջանակներու հիացումին։ 2016-ին Պաֆոս քաղաքին մէջ կազմուած է «Անի» պարախումբը, իսկ 2019-ին Լիմասոլի մէջ՝ «Կիլիկիա» պարախումբը։
Թատերական ոլորտէն ներս, 2000-ին արդէն հիմնուած էր «Դիմակ» Թատերախումբը, որ ամէն տարի գաղութին ներկայացած է թատերական ներկայացումով մը։ 2017-ին կազմուած է «Հեքիաթ» պատանեկան թատերախումբը, իսկ 2022/23 տարեշրջանին սկսած է գործել նաեւ «Հեքիաթ» Թատերական Աշխատանոցը, պատանիներու թատարական վարժանքներուն համար։
Ամէն տարի 4-5 անգամ կը կազմակերպուին Մշակութային Երեկոներ հանրութեան ներկայացնելով հայ մշակոյթի զանազան ոլորտներու կարկառուն դէմքերը եւ անոնց գործերը։
Կիպրոսի Համազգայինը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ տեղական մշակութային կեանքին, յատկապէս զանազան քաղաքներու փառատօներուն եւ այլ ձեռնարկներուն իր պարախումբերու մասնակցութեամբ ։ Վերջին տարիներուն Կիպրոսի Համազգայինի պարախումբերը հրաւիրուած եւ ելոյթներ ունեցած են նաեւ այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Յունաստան (Կոմոտինի), Պուլկարիա (Փլովտիւ) եւ Հայաստան (Գիւմրի), արժանապէս ներկայացնելով Համազգայինը եւ կիպրահայութիւնը։