Համազգային Ֆրանսա

Համազգային Հօ տը Սէն

Համազգայինի Հօ տը Սէնի մասնաճիւղը հիմնուած է հոկտեմբեր 2018-ին եւ կը կազմէ մշակութային ստեղծագործութեան եւ հարստացման յանձնառու, հայ ինքնութեան հասարակաց դրական եւ լայնամիտ տեսլական ունեցող անձերէ կազմուած այս միջազգային ցանցին նոր մէկ օղակը։

Մասնաճիւղին նպատակն է մշակել հայեցի կրթութեան եւ հայ մշակոյթի սատարման քաղաքականութիւն եւ զայն կիրառել յատկապէս Հօ տը Սէնի բնակչութեան ծիրէն ներս, զօրավիգ կանգնիլ Իսի լէ Մուլինոյի «Համազգային–Թարգմանչաց» վարժարանին, մանուկներու եւ պատանիներու ուղղուած հայալեզու ու հայ մշակոյթը վեր հանող ուսուցողական նիւթեր պատրաստել, նպաստել հայերէնի եւ հայ մշակոյթի յառաջ մղումին եւ անոր աւանդումին մանուկներու, պատանիներու եւ չափահասներու, եւ իր շուրջը հաւաքել Համազգայինի կրթական ու մանկավարժական մեթոտներով հետաքրքրուած անձեր։

Մասնաճիւղին նստավայրը Իսի լէ Մուլինոյի Հայ մշակոյթի տունն է՝ 31 Պուրկէն պողոտայ, 92140 Իսի լէ Մուլինօ։

Համազգային Փարիզ

1933 դեկտեմեր 22-ին կը կազմուի Ֆրանսայի Համազգային կեդրոնական մարմին մը, որ պիտի համադրէ ամբողջ Ֆրանսայի կազմակերպական գործը զանազան շրջաներուն մէջ, Փարիզ, Շաւիլ, Ալֆորվիլ, Լիոն, Վէին, ՍէնՄորիս, Մարսէյ :

Այս շրջաներէն ներս կը տարուի հայ լեզուի պաշտպանութեան աշխատանք եւ մշակութային ձեռնարկներ, ինչպէս Լիոնի « կիրակնօրեայ լսարանը » ուր կը կատարուին հայ մշակոյթի շուրջ հաւաքոյթներ :

80-ական թուականերուն, միութիւնս կը վերականքնի Փարիզի մէջ, կը կազմուի մասնաճիւղ մը մեծամասնութեամբ միջին Արեւելքէն եկած, Ճեմարան աւարտած երիտասարդներէ :

1982-ին կը հիմնուի Դիմակ թատերախումբը, որ կը բեմադրէ հայերէն լեզուով շատ մը հայ կամ օտար թատերական երկեր :

ԱյսօրՓարիզի մասնաճիւղը, կազմուած 45 անդամներէ, կը գործէ Հայ Մշակոյթի Տան մէջ ,17 Պլէօ փողոց, Փարիզի 9-րդ թաղամաս: Ան աշխուժ ներկայութիւն է շրջանի մշակութային կեանքին մէջ, կը կազմակերպէ դասախօսութիւներ, գրքի եւ ֆիլմի ներկայացումներ, համերգներ փոքրերու արտասանական մրցումներ…: Փարիզի մասնաճիւղը կը գործակցի շրջանի ուրիշ միոթիւներու հետ եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համազգայինի ընդհանուր նախաձեռնութիւներուն յաջողութեան համար, Համազգայինի դպրոցներ, Մարսէյի ճեմարան եւ Իսի Լէ Մուլինօի ՀամազգայինԹարգմանչաց վարժարան, երիտասարդական հաւաքներ Ֆորոմ եւ youthlink:

Համազգային Մարսէյ - Արուեստի հոսանքներ

Համազգային Մարսէյ – Արուեստի հոսանքներ մասնաճիւղը հիմնուած է 1995-ին սատարելու համար հայ եւ միջերկրականեան մշակոյթներուն իր պարի, երաժշտութեան եւ արուեստի դպրոցներուն ընդմէջէն: Պարի դպրոցը ունի իր «Կիլիկիա» պարախումբը: Երաժշտական դպրոցը կ’առաջարկէ դաշնակի, դհոլի, դուդուկի, քանոնի, ջութակի եւ կիթառի դասեր: Արուեստի դպրոցին մէջ կը դասաւանդուի գծագրութիւն, նկարչութիւն եւ կաւագործութիւն:

Մասնաճիւղը սերտօրէն կը համագործակցի Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանին հետ, իր ժամանակացոյցը յարմարեցնելով դպրոցի ժամանակացոյցին: Բոլոր միջոցառումները տեղի կ’ունենան Ճեմարանին մէջ, 60 Բինադել պողոտայ, 13012 Մարսէյ:

Համազգային Վալանս

Համազգայինի Վալանսի Լեւոն Շանթ մասնաճիւղը հիմնադրուած է Սեպտեմբեր 2003ին: Մասնաճիւղը ունի աշխոյժ գործունէութիւն: Վարչութիւնը զանազան առիթներով կը կազմակերպէ ձեռնարկներ՝ գրական երեկոյ, դասախօսութիւն, ասմունքի երեկոյ, թատրոն,երգահանդէս, խրախճանք, եւ այլն…: