Համազգայինի Լոնտոնի Մեկուսի Կազմը հիմնուած է 13 Հոկտեմբեր 1990ին, Հ. Յ. Դաշնակցութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան առիթով, կնքահայրութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Եղիկ Գոնիալեանի եւ նախագահութեամբ Տէր եւ Տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու։
Վարչութիւնը ընդհանրապէս գործած է հինգ վարչական անդամներով եւ զանազան յանձնախումբերով (գրական, թատերական, հայկական պար եւ երաժշտութիւն, արուեստ եւայլն)։ Կազմը ներկայիս կը հաշուէ 19 անդամներ։
Կազմի աշխատանքներու ծիրէն ներս ընդգրկուած են զանազան գրական երեկոներ, դասախօսութիւններ, հայկական ֆիլմերու ցուցադրութիւն, տեղական եւ միջազգային գիրքերու ցուցահանդէսներու մասնակցութիւն, եւայլն։
Կազմի կարեւոր իրագործումներէն մէկն է Արամուս (Աբովեան, Հայաստան) գիւղի դպրոցի օգնութեան ծրագիրը։