Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը հիմնուած է 28 մայիս 1928-ին, Գահիրէ: Անոր հիմնադիրներն են Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Համօ Օհանջանեան եւ Գասպար Իփէկեան:
Համազգայինի նպատակն է պահպանել, զարգացնել եւ տարածել հայ մշակոյթն ու կրթութիւնը՝ Հայաստանի եւ համայն հայութեան գոյատեւման առաքելութեամբ:
Համազգայինը ներկայ է 20 երկիրներու մէջ:
Համազգայինի կրթական հաստատութիւնները
Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան
3 մարտ 1930-ին Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Հայ Ճեմարանը, այժմ՝ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան: Ան կը գտնուի Լիբանան, Անթիլիասի Մըզհեր (Ծաղկաձոր) շրջանին մէջ: Ճեմարանի աւելի քան 1739 շրջանաւարտները տարածուած են աշխարհով մէկ: Ներկայիս Ճեմարանը ունի 600 աշակերտ: Ճեմարանի մէջ կը դասաւանդուին չորս լեզուներ, եւ աշակերտութիւնը կը պատրաստուի երկու պաքալորիաներու՝ լիբանանեան եւ ֆրանսական: Ճեմարանի շրջափակին մէջ կը գործէ նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի Նորսիկեան մանկապարտէզը եւ վերջերս կառուցուած Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրը:
Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարան
1980-ին կը հիմնուի Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանը, որ կը գտնուի Մարսէյ քաղաքի 12-րդ թաղամասին մէջ, Ֆրանսայի հարաւը: Դպրոցը ունի մօտաւորապէս 400 աշակերտ՝ նախակրթարանէն մինչեւ ԺԲ դասարան: Այժմ նոր մասնաշէնք մը կը շինուի, որուն շինութիւնը պիտի աւարտի սեպտեմբեր 2024-ին: Այս նոր շէնքին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ 600 աշակերտ ընդունիլ:
Աշակերտութիւնը կը պատրաստուի երկու պետական քննութիւններու՝ պրէօվէի եւ պաքալորիայի՝ գերազանց յաջողութեամբ:
Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գոլըստըն Ճեմարան
Համազգայինի Արշակ եւ Սօֆի Գոլըստըն Ճեմարանը կը գտնուի Ինկըլսայտ, Սիտնիի հիւսիսը, ծովեզերքին մօտ: Ան Աւստրալիոյ միակ երկլեզու հայկական դպրոցն է՝ մանկապարտէզէն մինչեւ ԺԲ դասարան ունեցող: Հիմնուած է 1986-ին: Այժմ 340 աշակերտներ կը յաճախեն այս վարժարանը, որ արդէն 600-էն աւելի շրջանաւարտներ ունի: Աշակերտները գիտակից են իրենց հայկական ժառանգութեան և համայնքին պատկանելիութեան:
Համազգային-Թարգմանչաց վարժարան
Փարիզի հարաւային արուարձան Իսի լէ Մուլինօ քաղաքին մէջ գտնուող Թարգմանչաց վարժարանը դեկտեմբեր 2015-ին միացաւ Համազգայինի կրթական ցանցին եւ վերանուանուեցաւ Համազգային–Թարգմանչաց վարժարան: Այս երկլեզու դպրոցը 140 աշակերտ կ’ընդունի՝ մանկապարտէզէն մինչեւ Ե դասարան:
Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն, գրատարած եւ գրախանութ
Համազգայինի Պէյրութի տպարանը իր աշխատանքներուն սկսած է 1931-ին: Տպարանը օժտուած է գերարդիական մեքենաներով: Ան ոչ միայն Համազգայինի բազմապիսի հրատարակութիւններուն ընթացք կու տայ, այլեւ կը կատարէ առեւտրական այլազան տպագրական գործեր:
Գրատարածի գործը ունի լայն տարողութիւն, շնորհիւ այն գործակցութեան, որ ստեղծուած է շօշափելի թիւով կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու եւ գրատարածման կեդրոններու հետ: Հայերէնի պահպանումն ու ամրապնդումը ամբողջ Սփիւռքի տարածքին կը հանդիսանայ հրատարակչատան գլխաւոր առաքելութիւններէն մէկը:
Համազգայինի առցանց գրախանութը գիրքեր եւ զանազան հրատարակութիւններ կը վաճառէ, ինչպէս նաեւ կը տրամադրէ որոշ գիրքեր անվճար ներբեռնելու կարելիութիւն:
Հրատարակչատունը ունի նաեւ ե–գրադարան, ուր կարելի է գտնել Համազգայինի բոլոր ե–հրատարակութիւնները:
Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահ
Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահը հիմնուած է 2009-ին: Այնտեղ կը ցուցադրուին եւ կը վաճառուին հայ արուեստագէտներու զանազան ատեղծագործութիւնները: Ցուցասրահը նաեւ կը հիւրընկալէ հայրենի, ինչպէս նաեւ լիբանանցի եւ օտար արուեստագէտներ՝ մշակութային կամուրջ հանդիսանալով գեղանկարիչներու եւ արուեստասէրներու միջեւ:
Բագին
Բագինը Համազգայինի գրական եռամսեայ պարբերականն է: Անոր առաքելութիւնն է ի լոյս բերել արեւմտահայ գրողներու գործերն ու ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ ամրապնդել արեւմտահայերէնի զարգացումը:
1962-ին ծնունդ առած Բագինը մեծապէս կը սատարէ հայրենի եւ Սփիւռքի գրականութիւնները իրարու մօտեցնելու աշխատանքին:
Պարբերականը տրամադրելի է տպագիր, ինչպէս նաեւ առցանց www.pakine.net կայքին մէջ:
Համազգայինի կրթաթոշակներ
Համազգայինը կրթանպաստ կը տրամադրէ այն ուսանողներուն, որոնք իրենց բնակած երկիրին մէջ նախ կը հետեւին մանկավարժական (education & teaching diploma) դասընթացքներու՝ ստանալով Պսակաւոր արուեստից վկայական (BA), որմէ ետք Հայաստանի մէջ կը շարունակեն իրենց ուսումը՝ մասնագիտանալով հայագիտական նիւթերու մէջ:
Այս ծրագիրի ինը շրջանաւարտները ներկայիս կը դասաւանդեն Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ՝ Պէյրութ, Մարսէյ, Պոլիս, Նիկոսիա, Իսի լէ Մուլինօ եւ Ալֆորվիլ: Ներկայիս այս ծրագիրը կ’ընդգրկէ հինգ ուսանող:
Դպրոցական վարչագիտութեան կրթանպաստ
Այս կրթաթոշակը կը տրամադրուի Պսակաւոր արուեստից վկայական ունեցողներուն, որոնք կը փափաքին մասնագիտանալ դպրոցական վարչագիտութեան ճիւղին մէջ: Ցարդ ունեցած ենք երեք շրջանաւարտ:
h-pem
H-Pem հայկական մշակոյթի մասին առցանց բեմ մըն է, որուն լեզուն անգլերէնն է: Հիմնուած է 2019-ին: H-Pem-ի առաքելութիւնն է հասնիլ աշխարհացրիւ հայերու, մասնաւորաբար հայ երիտասարդներու, զանոնք հաղորդակից դարձնել իրենց հայրենիքին եւ մշակոյթին՝ արդիական, ստեղծագործական եւ համագործակցական միջոցներով:
Համազգայինի մանկապատանեկան ծրագրեր
Այս նախաձեռնութիւնը մեկնարկած է 2015-ին: Ան կը նպատակադրէ երեք տարեկան եւ աւելի մեծ հայ մանուկներուն հայերէն լեզուն սորվեցնելու որակեալ, արդիական եւ գրաւիչ ծրագրեր ստեղծել : Խաղերը կը պատրաստուին մասնագէտներու խմբակի մը կողմէ:
Լալան ու Արան
Մանուկները հայերէն պիտի սորվին խաղերու միջոցով:
Մինչեւ օրս չորս խաղ պատրաստուած է
- Գոյներու աշխարհ
- Ձեւերու աշխարհ
- Թիւերու աշխարհ
- Գիրերու աշխարհ
Այս բոլորին կողքին խմբակը պատրաստած է դաստիարակչական եւ ժամանցի զանազան խաղալիքներ, ներառեալ Լալայի եւ Արայի հայերէն խօսող նշանաւոր պուպրիկները, ինչպէս նաեւ ուսուցողական գիրքեր եւ աշխատանքային տետրակներ:
Մտամարզ
10 տարեկանէն մեծերու համար պատրաստուած է Մտամարզ խաղը՝ հայերէնով ընդհանուր զարգացման մրցում մը, որ կ‘ընդգրկէ զանազան նիւթեր, ինչպէս մարզական կեանք, հայոց պատմութիւն, արուեստ, գիտութիւն, աշխարհագրութիւն, եւ այլն:
Մտամարզը ունի երեք մակարդակ՝ սկսնակ, միջին եւ յառաջացեալ:
Անվճար ներբեռնում՝ Google Play եւ App Store
ԱՐԴԻ մանկական ձեռագիր տառատեսակ
«ԱՐԴԻ» տառատեսակը ստեղծուած է Համազգայինի կողմէ: Այբուբենը սորվող պզտիկները պիտի ճանչնան ԱՐԴԻ-ի տառերը, որովհետեւ անոնք նման են իրենց սորված ձեռագիր գիրերուն: Այս տառատեսակը կը գործածուի Համազգայինի՝ պզտիկներուն ուղղուած բոլոր գիրքերուն եւ խաղերուն մէջ:
ԱՐԴԻ տառատեսակը կարելի է անվճար ներբեռնել https://hamazkayin.com/arti/
Համազգայինի երիտասարդական ծրագրեր
Հայ երիտասարդները կապի մէջ դնել իրենց արմատներուն հետ, ինչպէս նաեւ բարձրացնել անոնց ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը:
Համազգայինի ուսանողական հաւաք (ֆորում)
Համազգայինի ուսանողական հաւաքը (ֆորում) կը նպատակադրէ ըլլալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ ուսանողներու հանդիպման վայրը, ուր անոնք կը բաժնեկցին իրենց փորձառութիւնները, կը ծանօթանան հայութեան անցեալին եւ ներկային, մշակութային արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն, ինքնութեան կարեւորութեան, հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն: Անոնք կը զարգացնեն մտերիմ կապեր եւ կը վայելեն անմոռանալի յիշատակներ: Հաւաքը ուսանողներուն համար կը ստեղծէ նաեւ սքանչելի առիթ մը զարգացնելու ղեկավարելու իրենց կարողութիւնները, որպէսզի հետագային պատասխանատուութիւններ ստանձնեն իրենց շրջաններուն մէջ:
25 տարուան ընթացքին աւելի քան 790 ուսանողներ մասնակցած են Համազգայինի ուսանողական հաւաքին, որ կը շարունակէ մնալ երիտասարդներու մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծող ծրագիր մը:
Համազգայինի Եւրոպայի հաւաք (Եութլինքս Եուրոփ)
Youthlinks Europe ծրագրին միջոցով հայ երիտասարդը (18-28 տարեկան) կը քննարկէ իր ինքնութիւնը եւ կը ծանօթանայ հայկական մշակոյթին: 2018-ին ծնունդ առած այս ծրագիրը հայ երիտասարդներուն առիթ կ’ընծայէ իրարու հետ կապեր ստեղծելու, միասնաբար բացայայտելու իրենց հասարակաց հայկական ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու ժամանակակից հայ երիտասարդ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու հետ: Հաւաքը տեղի կ’ունենայ տարեկան դրութեամբ եւրոպական զանազան քաղաքներու մէջ:
Համազգային Արթլինքս
Համազգայինի ArtLinks-ը առաջին ծրագիրն է, որ կը համախմբէ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ գտնուող երիտասարդները ընտիր հայ արուեստագէտներու եւ գրողներու հետ: ArtLinks ցանցի աշխատանոցները մասնակիցներուն կը տրամադրեն երկխօսութեան միջավայր մը այլազան մարզերէ (գրականութիւն, երաժշտութիւն, թատրոն, պարարուեստ, սինեմա, լրագրութիւն եւ նոր հաղորդակցական միջոցներ) համաշխարհային համբաւ ունեցող հայ արուեստագէտներու հետ: Այս ծրագիրը, որ սկսած է 2015-ին, տեղի կ’ունենայ տարին անգամ մը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:
Համազգայինի Փեթակ
Համազգայինի Փեթակ-ը արեւմտահայերէնի պատանեկան ամառնային իւրայատուկ ծրագիր մըն է: Անոր կրնան մասնակցիլ 8-14 տարեկան հայ պատանիները: Առօրեայ բոլոր աշխատանքները, ներառեալ ժամանցը, կը կատարուին արեւմտահայերէնով: Փեթակ-ի նպատակն է արեւմտահայերէն սորվեցնել միաժամանակ հաճելի եւ ուսուցողական մթնոլորտի մը մէջ:
Համազգայինի այլ ծրագրեր
Հայաստան եւ Արցախ
- Կազմակերպել գիտաժողովներ եւ գրական ձեռնարկներ
- Յայտնաբերել երիտասարդ տաղանդաւոր արուստագէտներ եւ քաջալերել զանոնք:
- Սատարել մշակութային ժառանգութեան պահպանման
- Հրատարակել երիտասարդ մտաւորականներու գրական, մշակութային եւ պատմական գիրքեր
- Կազմակերպել արուեստի յատուկ դասընթացքներ:
Սփիւռք
- Մղել Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ գործող Համազգայինի միաւորները մասնակցելու միջազգային զանազան ձեռնարկներու
- Զօրակցիլ աշխարհի զանազան շրջաններու Համազգայինի միաւորներուն՝ հայ մշակոյթի, արուեստի եւ ժառանգութեան պահպանման եւ տարածման առաքելութիւնը կատարելու
- Ընդարձակել Համազգայինի ցանցը՝ քաջալերելով նոր միաւորներու եւ գրասենեակներու ստեղծումը հայկական նորաստեղծ գաղութներու մէջ: